09 Ekim 2015
Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող եւ փակ սահմաններ ունեցող Թուրքիան միջազգային համաձայնագրի ծիրէն ներս Հայաստան զինուորներ պիտի ղրկէ:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ թուրք զինուորներուն` Հայաստան ուղարկուելու մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը:
Զինծառայողները Հայաստան պիտի գան Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին պայմանագրի ծիրէն ներս:
Անոնք Հայաստան պիտի մնան 3 օր` Հոկտեմբեր 11-էն 14:
«Թրքական վերահսկող խումբի կազմին մէջ պիտի ներառուին զինծառայող նաեւ Սլովակիայէն: Հոկտեմբեր 14-ին խումբը պիտի վերադառնայ Թուրքիա»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: