09 Ekim 2015
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն, որ Հայաստան հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ հրաւիրուած միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ Պուքիքիոյի գլխաւորած յանձնաժողովին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը օգտակար եղած է Հայաստանի համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի մշակման հոլովոյթին մէջ համագործակցած եւ բարձրորակ մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին: Այդ միացեալ աշխատանքին շնորհիւ մշակուած փաստաթուղթը օրեր առաջ արժանացած է նաեւ Ազգային ժողովի համաձայնութեան: Նախագահը կարեւոր նկատած է Պուքիքիոյի այն ուղերձները, որոնք սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի խորհրդարանական քննարկումներուն վերաբերեալ հասցէագրուած էին Ազգային ժողովին:
Ճիանի Պուքիքիօ եւս բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը եւ ընդգծած, որ Վենետիկի յանձնաժողովի` իբրեւ չէզոք, անկողմնակալ, ոչ քաղաքական մարմինի, միակ խնդիրը իսկական ժողովրդավարութեան ապահովումն է: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ հանրաքուէի կազմակերպման հոլովոյթը ըլլայ ազատ, արդար եւ թափանցիկ, եւ անոր իբրեւ հետեւանք ընդունուած փաստաթուղթը մեծ քայլ ըլլայ ժողովրդավարութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին հետագայ քայլերուն վերաբերող այլ հարցեր: