09 Ekim 2015
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էջմիածինի մէջ մասնակցած է քաղաքի տօնի` Էջմիածնի հիմնադրութեան 2700-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակ, ուր ներկայ գտնուած է Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանի բացման արարողութեան եւ ծաղկեփունջ զետեղած է անոր յուշարձանին, հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան այցելած է քաղաքի մարզական համալիրի շինարարական հրապարակը, մասնակցած է համալիրի հիմնարկէքի արարողութեան, ներկայ գտնուած է նաեւ Էջմիածինի նոր վերանորոգուած Եղիշէ Թադոսեանի անուան գեղարուեստի դպրոցին մէջ:
Այնուհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է ղարաբաղեան պատերազմի հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած է անոնց յուշարձանին:
Հանրապետութեան նախագահը քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ քաղաքի բնակիչներու, բազմաթիւ հիւրերու, Էջմիածինի քաղաքացիներու հետ միասին մասնակցած է Էջմիածինի հիմնադրութեան 2700-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: