06 Ekim 2015
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» նշանաբանին ներքեւ:
«Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած մուսալեռցի-այնճարցի նահատակներուն յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն մը` գիւղի հոգեւոր հայրերուն կողմէ: Ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը ներկայացնող ԼԵՄ-ականներ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած մուսալեռցի-այնճարցի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին կողքին, մինչ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը կը նուագէր մահերգը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ուր Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Արաքս Խօշեան: Ան իր խօսքին սկիզբը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու քաղաքացիական պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը: Այնուհետեւ ան ներկայացուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայ երիտասարդութեան իրավիճակը` կեդրոնանալով ԼԵՄ-ականներուն դերակատարութեան վրայ եւ նշելով, որ «ԼԵՄ-ականը զէն ի ձեռին պաշտպանեց հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցին եւ ամէն բան, որ հայկական դրոշմ կը կրէր: Ան ուսումը կիսատ ձգեց, որպէսզի պաշտպանէ հայ մանուկին դպրոցի ճամբան, ան մնաց անգործ, որպէսզի ապահովէ հայ գործաւորին գործատեղը, մնաց անտուն, գիշերեց ակումբներուն երդիքներուն տակ, որպէսզի հայ մայրը, հայրն ու ընտանիքը իրենց մտքերը հանգիստ քնանան իրենց տուներուն մէջ` ի մտի ունենալով, որ դաշնակցական երիտասարդը պահապան հրեշտակի մը պէս կը հսկէ մութ ու չարագուշակ գիշերները: Ուր որ հայութիւն կար եւ ուր որ Դաշնակցութիւն կար, այդ տեղը անկասկած ապահովութիւն եւ հարազատութիւն կար, անհրաժեշտութեան պարագային զէնք կը շալկէր հայ երիտասարդը, իսկ պէտք եղած ժամանակ ալ հաց կը բաժնէր ռմբակոծումներուն տակ»:
Արաքս Խօշեան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ դարը փոխուած է, սակայն հայ երիտասարդը տակաւին նոյնն է, ան հոգեպէս պատրաստ է բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային պաշտպանելու հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները` ապահովելով անոր մտքի եւ սրտի հանգստութիւնը:
Բացման խօսքէն ետք ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներ Կրէյս Գալուստեան եւ Միրնա Գասամանեան ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի «Անմահները հրամայում են» ասմունքը:
Anj4a_10-04-15Այնուհետեւ օրուան բանախօս Վարդգէս Խօշեան իր խօսքը սկսաւ նշելով, թէ «կեանքի ընթացքին շատեր կրնան հերոսութիւններ ընել, կրնան նաեւ հերոսական կեցուածք որդեգրել, բայց հարազատ եւ իսկական հերոսները կը ծնին քիչ եւ տասնամեակներու ընթացքին մէկ անգամ, կը մնան յաւերժօրէն անմահ եւ յետմահու կը ստանան նահատակ տիտղոս-յորջորջումը»:
Խօշեան շեշտեց, որ նահատակ հերոսներուն աճիւնները իբրեւ բոցավառ յիշատակ կը մնան տարածուած աշխարհի համասփիւռ ամէն մէկ հայու խղճին եւ իմացականութեան մէջ, որովհետեւ նահատակը այն հրեղէն պատնէշն է, որ իր մարմինով ու շատ յաճախ իր կուրծքով կը դիմադրէ թշնամիին գրոհին` անոր վտանգը իր մահով չէզոքացնելու կիրքով եւ պատրաստակամութեամբ:
Ապա խօշեան յիշելով Սարգիս Զէյթլեանը, Զաւէն Թաշճեանը, Պետիկ Ինճէեանը, Պարոյր Տուտագլեանը, Սարգիս Ֆուճուրեանը, Զաւէն Յովհաննէսեանը Եւ Անդօ Պողիկեանը, ըսաւ, թէ անոնք նահատակուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին` յանուն հայ գաղութին, անհատներուն, միութիւններուն եւ ընտանիքներուն ապահովութեան:
Խօշեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ «մենք բարձրաձայն ու ճակատաբաց կը յայտարարենք, որ այս ժողովուրդին եւ այս գիւղին տէր կանգնելու համար մենք դարձեալ եւ միշտ պիտի կատարենք գերագոյն զոհաբերութիւնը: Այս գիւղի հողային ամբողջականութիւնն ու անոր չապականած եւ անխեղաթիւր կլիման մեր բոլորին առաքելութիւնը պիտի ըլլայ եւ պէտք է ըլլայ, որպէսզի հայկական այս սքանչելի օճախը միշտ հայօրէն ծխայ ու ծլարձակի»:
Այնուհետեւ նահատակներու ընտանիքները հրաւիրուեցան ստանձնելու յատուկ յուշանուէրներ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Արա Հացագործեանի եւ Կարօ Յարութիւնեանի ձեռամբ: