05 Ekim 2015
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ, 3 սեպտեմբերին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Նախագահի կայքին փոխանցումով, զրուցակիցները քննարկած են Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին ընդունուած որոշումներուն կատարման ընթացքը եւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը անդրադարձած են կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցերուն: Նաեւ «քննարկած են վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը», նշուած է նախագահի կայքին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նալբանդեան Ընդունած Է Պորտիւժան
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` զրուցակիցները անդրադարձած են Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի որոշումներուն կատարման ընթացքին եւ քննարկած կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան վերաբերող հարցեր:
Ի լրումն անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին քննարկուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին ու ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին` զրուցակիցները անդրադարձած են իրադրութեան առնչուող խնդիրներուն: Կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական խաղաղապահ ուժերու «Անխախտելի եղբայրութիւն-2015» ռազմափորձերը: