04 Ekim 2015
Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ տեղի ունեցող ժողովին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը:
Կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ ընտրուելու պարագային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ կէտը ընդունուած է ծափահարութիւններով:
«Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու եւ կոտորածներու համար պետութեան անունով ներում հայցելու համար աշխատանք պիտի տանի», ըսած է Եիւքսեքտաղ, ինչին սրահին մէջ ներկաները ծափահարութիւններով արձագանգած են:
Քիւրտ գործիչը նշած է, որ ընտրուելու պարագային իրենք պիտի վերցնեն Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը եւ պիտի զարգացնեն տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմաններու պիտի բանան Հայաստան – Թուրքիա սահմանը: «Հայերուն հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք», ըսած է ան:
Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները նախատեսուած են 1 նոյեմբերին: