04 Ekim 2015
Միջազգային մակարդակի փաստաբան եւ մարդու իրաւունքներու անուանի իրաւապաշտպան Ճեֆրի Ռոպըրթսըն կ’արժանանայ «Արդարութեան պաշտպաններ» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար:
Մրցանակը պիտի տրուի 25 հոկտեմբերին` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակին կազմակերպած ամէնամեայ «կալա» ընդունելութեան ընթացքին:
Ռոպըրթսըն 23 եւ 24 հոկտեմբերին պիտի մասնակցի նաեւ «Ճանապարհ դէպի հատուցում» քննարկումին, որուն ընթացքին միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գառնիկ Քրքոնեանի հետ պիտի քննարկեն միջազգային իրաւունքի մարզին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրեն Հայկական հարցի լուծման իրաւական ուղիները Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին յաջորդող շրջանին:
«Ճեֆրի Ռոպըրթսընի մասնակցութիւնը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակին կազմակերպած այս տարուան քննարկման վստահօրէն աւելի բարձր սանդղակ կը սահմանէ ապագայ նման քննարկումներու համար», ըսած է Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի համանախագահ Այք Տիքիճեան: