04 Ekim 2015
Արժանթինի Միսիոնես նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է օրէնք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ըստ «Արցախփրես»-ի` «Արմենիա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր օրէնքը իր դրոյթներով հաւատարիմ մնացած է դեռ 2006 թուականին Արժանթինի մէջ ընդունուած 26/199 ազգային օրէնքին, որ ապրիլ 24-ը կը սահմանէ իբրեւ «Հանդուրժողականութեան եւ մարդոց միջեւ յարգանքի օր»:
26/199 օրէնքը կը գործէ Արժանթինի եւս 15 նահանգներու մէջ` Պուենոս Այրես, Քատամարկա, Չաքօ, Չուպութ, Քորտովայ, Կորիենտես, Խուխույ, Լա Պամպայ, Նէուկեն, Ռիօ Նեկրօ, Սան Խուան, Սանթա Քրուս, Սանթա Ֆէ, Սանթիակօ Տել Էսթերօ եւ Թիերա տել Ֆուեկօ (Հրոյ երկիր):