Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Եր - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

04 Ekim 2015  

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Եր -

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Եր Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

2 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը եւ նախարարութեան քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, պետական, հասարակական, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:

Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ծաղիկներ զետեղած հայ ազատամարտիկներու եւ Հայոց ցեղասպանության անմեղ զոհերու յուշակոթողներուն:

Հանդիսութեան բացումին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան, ապա տեղի ունեցաւ քաղաքացիական ծառայութեան յայտարարուած մրցումին յաջողած եւ սահմանուած փորձաշրջանը անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման արարողութիւնը:

Քաղաքացիական ծառայողներուն վկայականները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհաւորեց բոլոր քաղաքացիական ծառայողները՝ պաշտօն ստանձնելու եւ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ անոր 7-ամեայ տարեդարձին առիթով:

«Այս նախարարութեան մէջ իսկապէս ջերմ աշխատանքային մթնոլորտ կայ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները անցան աշխարհի 4 ծագերուն մէջ ապրող հայութեան բացարձակ համախմբուածութեամբ: Եւ ատիկա նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շնորհիւ: Նախարարութիւնը գործնական լուրջ քայլերու ձեռնարկած է արեւմտահայերէնի նահանջը կասեցնելու եւ մեր լեզուի այդ ճիւղին նոր կեանք ու շունչ պարգեւելու գործին մէջ», նշեց Ազգային ժողովի նախագահը՝ աւելցնելով, որ «սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս «Արի տուն» ծրագիրին շնորհիւ հայրենիք եկած սփիւռքահայ մեր երիտասարդները մայրաքաղաքին նոր կեանք ու հոգի հաղորդած են»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

26-0067,jpg

Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կը շնորհաւորեմ բոլոր նորընծայ քաղաքացիական ծառայողները՝ պաշտօններ ստանձնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ամբողջ աշխատակազմը՝ 7-ամեայ գործունէութեան առիթով: Մեր ճամբան սկսանք դժուարութիւններ յաղթահարելով եւ հասկնալով, որ կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ պէտք չէ երկնչիլ, այլ քրտնաջան աշխատանքով յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Առանձնապէս շնորհակալ ենք սփիւռքի համահայկական այն բոլոր կառոյցներուն, որոնք վստահեցան մեզի եւ գործակցեցան մեզի հետ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մտաւորականներուն, մշակոյթի գործիչներուն, որոնք ամէն ջանք ու եռանդ ներդրեցին՝ օգնելով նախարարութեան կայացման գործին: «Ամէնէն տաղանդաւորներէն մէկը՝ Տիգրան Մանսուրեան, այսօր այստեղ է եւ մեզի հետ կը տօնէ սփիւռքի նախարարութեան տարեդարձը», նշեց նախարարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարութիւններուն, որոնք համագործակցած են նախարարութեան հետ եւ հայ դիւանագէտներուն՝ համայնքներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն համար:

Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան:

Յօրինող Տիգրան Մանսուրեան յիշեց Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը եւ նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան խնդիրը հայ հեղինակին նշած այդ նահանջը կանգնեցնելն է: «Ուրախ եմ, որ ձեր ծրագիրներուն շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ պատանիներն ու երիտասարդները մեծ ոգեւորութեամբ կու գան Հայաստան: 7-ամեայ ճամբան պետական համակարգին համար կրնար միայն կայացման ճամբայ ըլլալ, մինչդեռ այսօր մենք կը տեսնենք այդ համակարգին կողմէ իրականացուող հայապահպանութեան միտուած մեծ աշխատանք»:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը բարձր գնահատեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Յովիկ Էօորտեքեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի փոխնախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեանը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալլաճեան:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքով հանդէս եկան Անահիտ Սահակեան, Վլատիմիր Ահարոնեան, «Ծաղկազարդ» համոյթը, Ջիվան Սարգսեան:

Լուսանկարները՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+