01 Ekim 2015
French President Francois Hollande speaks at a news conference during the 70th session of the United Nations General Assembly at the U.N. Headquarters in New York, September 28, 2015. REUTERS/Shannon Stapleton
Ֆրանսան բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ’ընէ հետեւելու, որպէսզի հայ-ատրպէյճանական սահմանին որեւէ միջադէպ այլեւս չըլլայ: Այս մասին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամբլէայի մէջ ելոյթէն ետք տուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը` յղում կատարելով Էլիզէեան պալատի պաշտօնական կայքին, Օլանտ, պատասխանելով Հայաստանի սահմաններուն Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակողական վերջին դէպքերուն, նշած է, որ Փարիզը պատասխանատուութիւն կը զգայ, քանի որ Ֆրանսան այն կառոյցի համանախագահներէն է, որուն նպատակը այդ հակամարտութեանը լուծում գտնելն է: “Այդ պատճառով մենք կը խնդրենք բոլոր շահագրգիռ կողմերէն հետեւիլ, որպէսզի սահմանին այլեւս միջադէպեր չ’ըլլան: Եւ մենք ջանքեր կը գործադրենք մեր միջնորդութիւնը շարունակելու համար: Դուք գիտէք, որ վերջերս ես այցելեցի Հայաստան եւ Ատրպէյճան, որպէսզի ըսեմ այս նոյն բանը, որպէսզի մենք կարենանք կայուն լուծում գտնել այս հակամարտութեան”,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը: