01 Ekim 2015
Ռուսական մարտական օդանաւերը, որոնք տեղակայուած են Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մօտ, առաջին հարուածները հասցուցած են այդ երկրին մէջ կառավարական զօրքերու դէմ կռուող զինեալներու դիրքերուն:
Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 30-ին հաղորդած է CNN հեռուստաալիքը` վկայակոչելով բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեաներու: Անոնք յայտարարած են, որ ռուսական հրամանատարութիւնը ԱՄՆ-ին չէ տեղեկացուցած, թէ ինչ թիրախներու կը ծրագրէ հարուածել:
Քանի մը օրուան ընթացքին ռուսական անօդաչուները տեղեկութիւններ կը հաւաքէին տարածաշրջանի վերաբերեալ: Այս տեղեկատուութիւնը հաստատած Է Slemani Times քրտական լրատուական ալիքը: Անոր տուեալներով` ռուսական ՍՈՒ24 երկու ռմբակոծիչներ Սեպտեմբեր 30-ին կէսօրէն ետք զինեալներու դիրքերը հարուածած են Դամասկոսէն 213 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Համա քաղաքի շրջանին մէջ:
Մինչդեռ, CNN հեռուստաալիքի զրուցակիցներու տուեալներով, հարուածները հասցուած են Սուրիոյ Հոմս քաղաքի շրջանին մէջ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը: