Թրքական Դատարանին Մէջ Կը Քննուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդէն Գումար Շորթելու Գործը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

01 Ekim 2015  

Թրքական Դատարանին Մէջ Կը Քննուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդէն Գումար Շորթելու Գործը -

Թրքական Դատարանին Մէջ Կը Քննուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդէն Գումար Շորթելու Գործը Թրքական Դատարանին Մէջ Կը Քննուի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդէն Գումար Շորթելու Գործը

Սթամպուլի 16-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ տեղի ունեցած է ոմն Քեմալ Թայֆուն Նարգինի դէմ Պոլսի հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի բացած դատավարութեան նիստը: Ըստ թրքական “Haberler” լրատուական կայքի` Աթեշեանը Նարգինին դատի տուած է “Սանասարեան տուն” անուամբ շինութիւնը պատրիարքարանին վերադարձնելու իրաւական գործընթացը կազմակերպելու պատրուակով 6 հազար թրքական լիրա շորթելու մեղադրանքով, կը գրէ ermenihaber.am-ը :

Աթեշեանի ներկայացուցած բողոքի մէջ կը նշուի, որ վերջինս 2013 թուականին տեղի ունեցած հիւրասիրութեան մը ընթացքին՝ այն ժամանակուան վարչապետ Ռեջէփ Թայիփ Էրտողանի հետ “Սանսարեան տունը” պատրիարքարանին վերադարձնելու թեմայով զրոյց ունեցած է, որուն ընթացքին Էրտողան խոստացած է հնարաւորինս անխոչընդոտ պայմաններու մէջ կազմակերպել համապատասխան գործընթացը:

Դէպքէն 3-4 օր անց Աթեշեանին հեռաձայնած է Նարգինը եւ ներկայացած իբրեւ կառավարութեանն առընթեր պետական սեփականութեան վարչութեան տեսուչ:

Այնուհետեւ Նարգինը գացած է պատրիարքարան, յայտնած, որ “Սանասարեան տան” վերադարձման որոշումը արդէն կայացուած է, Աթեշեանին ստորագրած տուած է որոշ փաստաթուղթեր եւ պահանջած ու ստացած է 6.00 թրքական լիրա իբրեւ փաստաթղթային ծախսեր: Աթեշեանը որոշ ժամանակ անց կառավարութենէն հետաքրքրուած է Նարգինի մասին եւ հասկցած որ խարդախութեան զոհ դարձած է, որմէ ետք ալ կանխամտածուած խարդախութեան մեղադրանքով դատի տուած վերջինը:

Նիստին, որուն ներկայ չէ գտնուած հայցուոր Արամ Աթեշեան, կասկածեալ Նարգինը հերքած է մեղադրանքները` ըսելով, որ ինք իրօք այցելած է պատրիարքարան, սակայն իբրեւ հայերէնի թարգմանիչ, քանի որ MİT-ին (Ազգային հետախուզութեան ծառայութիւն) պէտք էր այդ գործով ստուգել Աթեշեանի մօտ գտնուող հայերէն փաստաթուղթերը: Նարգինը, նշելով, որ մինչեւ 2012 թուականը ինքը եւս աշխատած է MİT-ի մէջ, ըսած է, որ ինքը միայն կարդացած է հայերէն փաստաթուղթերը եւ հերքած Աթեշեանէն գումար վերցնելու մեղադրանքները: Դատական յանձնաժողովը որոշած է յետաձգել նիստը մինչ գրաւոր հարցմամբ կը պարզէ, թէ արդեօք Նարգինը աշխատած է MİT-ի մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+