01 Ekim 2015
Սեպտեմբեր 29-ին կայացած քաղաքային խորհուրդի նիստին Սպանիոյ Վալենսիա մարզի մէջ գտնուող Սիյա (Silla) քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: “Արարատ” հայկական միութեան մշակած բանաձեւը ներկայացուց Ձախ Միութեան (Izquierda Unida) խօսնակ Վալենտին Մատէոնը (Valentվn Mateo), որ իր խօսքի մէջ հակիրճ ներկայացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները, զայն պաշտօնապէս ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին “Հայերն այսօր”-ին կը յայտնեն “Արարատ” հայկական միութենէն:
Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող 6 կուսակցութիւնները (Սոցիալիստական, Ժողովրդական, Սիուդադանոս, Կոմպրոմիս, Ձախ Միութիւն եւ Իսպանիա-2000) միաձայն կողմ քուէարկեցին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուցած ոճրագործութիւնը որակած իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Այսպիսով, Սիյէան դարձաւ Սպանիոյ 10-րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նիստին ներկայ էին “Արարատ” հայկական միութեան անդամներ Նելլի Աբովեան, Կայէն Մարտիրոսեան, Եսթեր Յակոբեանը, Արամ Ղուկասեանը եւ այլք: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Նելլի Աբովեան, ան նշեց, որ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ նման կարեւոր հարցերու պարագային, կուսակցական գոյները կը միաւորուին: Ի նշան երախտագիտութեան` ան Վալենտին Մատէոյին նուիրեց անմոռուկի կրծքանշանը:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Միսլատայի Ձախ Միութեան նախկին խորհրդական, հայ ժողովրդի բարեկամ Սալվատոր Գարսիան (Salvador Garcվa), ով կարեւորեց հայ համայնքի դերն Սպանիայի մէջ` եօրդորելով Վալենսիոյ եւ Սպանիոյ կառավարութիւններուն հետեւած թագաւորութեան 10 քաղաքներու եւ 4 մարզերու օրինակին, որոնք արդէն պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց, որ պիտի պայքարին մինչեւ բոլոր պետական կառոյցները հետեւին իրենց քայլին: