Կարտինալ Սանտրի Հայաստանի Նախագահին Յանձնած Է Ֆրանչնսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Ոսկի Մետալը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Կարտինալ Սանտրի Հայաստանի Նախագահին Յանձնած Է Ֆրանչնսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Ոսկի Մետալը -

Կարտինալ Սանտրի Հայաստանի Նախագահին Յանձնած Է Ֆրանչնսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Ոսկի Մետալը Կարտինալ Սանտրի Հայաստանի Նախագահին Յանձնած Է Ֆրանչնսկոս Պապին Կողմէ Շնորհուած Ոսկի Մետալը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 սեպտեմբերին ընդունած է Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կրօնապետ, կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը:

Կարտինալ Սանտրի հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի նախագահին յանձնած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Սերժ Սարգսեանին շնորհուած ոսկի մետալը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է հիւրերը եւ` գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի աւելի քան 20-ամեայ պատմութիւն ունեցող դիւանագիտական յարաբերութիւնները միշտ ալ յատկանշուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ: Ըստ նախագահին, կարտինալ Սանտրիի այցելութիւնը վառ ապացոյց է այն իրականութեան, որ հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով երկկողմանի հոգածութեան առարկայ եղած են ու կը շարունակեն ամրապնդուիլ:

Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է կարտինալ Սանտրիի անձնական մեծ աւանդը երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման առումով, նշելով, թէ տեղեակ է, որ կարտինալը որքա՛ն ուշադիր եւ հոգատար է հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան կարտինալ Լ. Սանտրին պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով` հոգեւոր արժէքներու պահպանման, Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման առումով անոր ներդրած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ հայանպաստ աշխուժ գործունէութեան համար:

Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ դժուար է գերագնահատել Վատիկանի դերը ո՛չ միայն քրիստոնեայ աշխարհի համախմբման առումով, այլ նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման ու խաղաղութեան պահպանման իմաստով: «Դրա վառ վկայութիւնն է Վատիկանի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, որ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղղուած քայլ էր», հաստատած է նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ հայ ժողովուրդին համար մեծ հպարտութիւն է, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շուրջ 2000-ամեայ պատմութեան ընթացքին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսին արժանացած 36 մեծագոյն մտածողներէն մէկն ալ հայ ժողովուրդի զաւակ, միջնադարեան մտքի հանճար, աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է:

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան զարգացումը: Զրուցակիցները ողջունած են այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը` գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ մնայուն կերպով բարձր մակարդակի վրայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը:

Կարտինալ Սանտրի երախտագիտութիւն յայտնած է իրեն շնորհուած բարձր պարգեւին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած նման վերաբերմունք կ՛ընդունի Հայաստանի վսեմ հողին եւ անոր որդիներուն ու դուստրերուն նկատմամբ մեծագոյն պատկառանքով եւ բարեկամութեան զգացումով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+