30 Eylül 2015
Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իմանալով Ղարաբաղի եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բախումներու ընթացքին ինկած հայոց բանակի զոհերուն մասին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.
«Խոր ցաւով իմացանք մեր զինուորներուն մահուան մասին: Անոնց ընտանիքներուն կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը եւ հայրական սէրն ու օրհնութիւնը: Մեր զինուորները հերոսներ են ու նահատակներ, որովհետեւ անոնք հայրենիքին, մեր անկախութեան ու իրաւունքներուն համար իրենց արիւնը թափեցին»:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր քաջարի բանակին: Հայոց բանակը երաշխիքն է մեր հայրենիքին ապահովութեան ու անկախութեան: Հզօր բանակ կը նշանակէ հզօր հայրենիք: Վստահ ենք, որ քաջ զինուորները վերանորոգ մարտունակութեամբ ձախողութեան պիտի մատնեն Ղարաբաղի հողային տարածքին մօտենալ փորձող թշնամիին բոլոր տեսակի ճիգերը»: