Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցած պետական տեսակցութիւններուն ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ ծերակոյտի նախագահ Քլոտ Հեշի հետ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըր, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Արմենոֆասի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին, վեհափառ հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին 100 տարի շարունակ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ապա, անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան եւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդհանուր պատկերացում մը տուաւ Լիբանանի քաղաքական կացութեան: Իսկ Թենի Փիրրի Սիմոնեան խօսեցաւ Արմենոֆաս հիմնարկին մասին` յիշեցնելով, որ Արմենոֆասը շարունակութիւնն ու փաստն է 100 տարիներու հայ-զուիցերիական գործակցութեան:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան` Հայ դատի գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը կը սպասէ, որ ծերակոյտը եւս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ծերակոյտի նախագահը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ այս այցելութիւնը նկատեց շինիչ: Արծարծուած հարցերուն առանձնաբար անդրադառնալով ան ըսաւ, որ Զուիցերիան մտահոգ է Միջին Արեւելքի կացութեամբ, եւ իրենք Սուրիոյ հարցին լուծման գծով կրնան դիմել որոշ նախաձեռնութեան` խորհրդակցելով շրջանի ուժերուն հետ: Ծերակոյտի նախագահ Հեշ նկատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, ան յստակօրէն յայտնեց, թէ սկզբունքային գետնի վրայ համաձայն են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին գծով եւ Զուիցերիոյ կեցուածքը նոյնն է, սակայն որոշ զգայնութիւններ կան Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց առնչուած: Ծերակոյտի նախագահը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն Եւրոպա հասնող գաղթականներուն գծով:

Հանդիպումին աւարտին` տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք ծերակոյտի նախագահն ու վեհափառ հայրապետը ունեցան մտերմիկ զրոյց:

24 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար Իվ Ռոսիէի հետ:

Վեհափառ հայրապետը նախարարին յայտնեց, որ Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին հրաւէրով, միասնաբար յիշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին իրենց զօրակցութեան համար, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին:

Հանդիպումի ընթացքին կարեւորութեամբ արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէս Լիբանանն ու Սուրիան յուզող հարցեր: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան հայ-թրքական յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը միջազգային համայնքին եւ Թուրքիոյ կողմէ:

Հանդիպումին աւարտին նախարարը առաջարկեց վերստին հանդիպիլ` վերոյիշեալ հարցերը աւելի լայն ձեւով քննարկելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+