27 Eylül 2015
Պատմական այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Սեպտեմբեր 24-ին Նիւ Եորքի հայերը դիմաւորած են երախտագիտութիւն յայտնող պաստառներով, կը յայտնէ NEWS.am-ը:
Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ «Շնորհակալութիւն, Ֆրանչիսկոս պապ, Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտելու համար» գրութեամբ պաստառով հարիւրաւոր հայեր ողջունած են Պապը:
Հռոմի պապը հայերուն կողմէ նոյն ջերմ ընդունելութեան արժանացած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, որ անոր` Սեպտեմբեր 22-ին մեկնարկած ԱՄՆ առաջին այցի առաջին կանգառն էր: