18 Eylül 2015
Vesti.ru կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան կը կասեցնէ Եւրոպական Միութեան հետ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը` Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու մասին Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւէն ետք:
Եւրոպական խորհրդարանը խիստ ոճի բանաձեւ որդեգրած էր Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին: Եւրոպացի պաշտօնեաները ազրպէյճանական իշխանութիւններէն պահանջած են ազատ արձակել ազրպէյճանցի որոշ բանտարկեալներ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած միջազգային դէտեր չուղարկելու այդ երկրին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Ի պատասխան` Պաքու դադրեցուցած է «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը եւ հարցականի տակ դրած «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին հետագայ մասնակցութեան հարցը:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է. «Եւրանեսթ»-ը արդէն վերածուած է անձեւ ուժի մը, որուն պատճառով ալ Ազրպէյճանի խորհրդարանը բնականաբար կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը այդ կառոյցին հետ: Ատիկա Ազրպէյճանի խորհրդարանին իրաւունքն է: Դուք հաւանաբար գիտէք, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանին եւ Եւրոպական խորհրդարանին միջեւ համագործակցութիւնը եւս կասեցուած է: Ահա մեր դէմ գործուող կեղտոտ արշաւին պատասխանը: Ազրպէյճան պատշաճ պատասխան տուած է եւ ատկէ ետք ալ պիտի տայ Ազրպէյճանի դէմ ձեռնարկուող քայլերուն»: