18 Eylül 2015
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Մոսկուան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին չ՛աջակցիր, այլ կը ջանայ պաշտպանել սուրիական պետութիւնը»:
«Մոսկուայի` Դամասկոսին տրամադրած զինուորական աջակցութեան նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է եւ շրջանին մէջ ամբողջական աղէտի կանխարգիլումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մոսկուա պատրաստ է սուրիական ուժերուն իր տրամադրած զինուորական աջակցութեան մասին պատշաճ խողովակներու միջոցով տեղեկութիւններ փոխանցելու»:
Ան Միացեալ Նահանգները քննադատեց հարցը հրապարակաւ լրատուամիջոցներուն միջոցով քննարկելնուն համար: