“Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ”-ը Համաժողովի Յանձնախումբերու Մասնակցութեան Հրաւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

17 Eylül 2015  

“Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ”-ը Համաժողովի Յանձնախումբերու Մասնակցութեան Հրաւ -

“Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ”-ը Համաժողովի Յանձնախումբերու Մասնակցութեան Հրաւ “Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ”-ը Համաժողովի Յանձնախումբերու Մասնակցութեան Հրաւէր

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկը, համաձայն 2015 Յուլիս 29-30-ը տեղի ունեցած “Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ” համաժողովի որոշման, հայոց լեզուի եւ մասնաւորապէս` արեւմտահայերէնի առջեւ ծառացած խնդիրները քննարկելու եւ լուծումներ առաջադրելու համար կը նախաձեռնեն յանձնախումբերու ստեղծում ըստ հետեւեալ ուղղութիւններու`

Արեւմտահայերէնի պահպանում

Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցում

Հայերէնի ուղղագրութիւն:

Յանձնախմբերուն կրնան մաս կազմել ինչպէս հայագէտներ, այնպէս ալ խնդիրով մտահոգ այլ մտաւորականներ: Քննարկման առաջադրուած տեսակէտները, առաջարկները, գիտական հիմնաւորումները, դիտարկումները պիտի զետեղուին ՀՀ ԳԱԱ լեզուի ինստիտուտի (www.language.sci.am) կայքի ՅԱՆՁՆԱԽՄԲԵՐ բաժնի մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան www.hayernaysor.am լրատուական կայքին մէջ, միաժամանակ տուեալ յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամ ելեկտրոնային փոստով կը ստանայ առկայ բոլոր նիւթերը:

Քննարկումներու` գիտական հիմնաւորում ունեցող եզրայանգումները պիտի ներկայացուին հայ հասարակութեան եւ պետական կառավարման մարմիններու ուշադրութեան:

Հանձնախումբերու մէջ ընդգրկուելու դիմումները եւ քննարկման ենթակայ նիւթերը կը խնդրենք ուղարկել հետեւեալ հասցէներով՝ inslang@sci.am:

Որևէ հանձնախմբում ընդգրկվելու ժամկետը սահմանափակ չէ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

ՀՀ ԳԱԱ Հ.Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտ

Յանձնախումբին մաս կազմելու դիմումը ներբեռնել ՀԱՆՁՆԱԽՄԲԻ ԴԻՄՈՒՄ ԱՐեւմտահայերէն





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+