17 Eylül 2015
Իրաքի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայաստանէն Իրաք տարուած էին քանի մը խաչքարեր՝ զետեղելու զանոնք տեղի հայաբնակ բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, ինչպիսին են՝ Պաղտատ, Պասրա, Քէրքուկ, Էրպիլ, Տհօք, Զախօ, Հաւրէզք եւ Աւզրուկ: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին Իրաքէն կը յայտնէ Արամ սարկաւագ Քէթէնճեան:
Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ հերթափար օրհնեց իր այցելած շրջանի գիւղ ու քաղաքներու եկեղեցիներու բակերուն մէջ տեղադրուած խաչքարերը. այսպէս օրհնուեցան Աւզրուկի, Հաւրէզքի, Տհօքի եւ Զախոյի խաչքարերը:
Յիշատակութեան արժանի է, որ այս հոգեպարար միջացառումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Տհօքի եւ Էրպիլի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաուուտ Շէրէֆ արքեպիսկոպոսը, նաեւ քոյր եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն հոգեւորականներ ու ներկայացուցիչներ, պետական այրեր ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն: