17 Eylül 2015
Հալէպի Քաղդէացիներու առաջնորդը ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով խնդրեց որ Արեւմուտքը օգնութեան հասնի Արեւելքի քրիստոնեաներուն որպէսզի անոնք կառչած մնան իրենց հողին։
Հալէպի թեմի Քաղդէացիներու առաջնորդը` գերապայծառ Օտօ, որ ներկայիս կը մասնակցի Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնի միջազգային ժողովին, ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով, յայտնեց որ Սուրիան 5 տարիէ ի վեր քաղաքացիական ընդհարումի մէջ կը գտնուի, որուն հետեւանքով սպաննուած են 220 հազար անձ եւ չորս միլիոն անհատներ գաղթած են ու կործանուած են 140 եկեղեցիներ։ Գերապայծառ Օտօ խնդրած է արեւմուտքի օգնութիւնը որպէսզի քաղաքացիները դիմադրեն ու երկրէն չհեռանան։
Խօսելով ֆրանսայի օդային ռմբակոծումին միջոցաւ զինեալ միջամտութեան, առաջնորդը յայտնած է թէ ``ասիկա ինքնին լուծում մը չէ` այլ լոկ զինուորական ռազմավարութիւն է, ժամանակ շահելու համար ու բռնութիւնը տարածելու Սուրիոյ ու համայն Արեւելքին մէջ, յառաջացնելով այլեւայլ բաժանումներ ու առիթ տալով այլ զէնքեր վաճառելու ու նախատեսելու տնտեսական ծրագիրներ։
Ներկայ կացութիւնը շատ դժուար է, կը տիրէ անիշխանութիւնն ու անապահովութիւնը։ Ամէն օր ռումբեր կը տեղան Հալէպ քաղաքին վրայ։ Բնակչութիւնը մեծ դժուարութեամբ կը դիմագրաւէ տնտեսական առօրեայ կեանքը, քանի որ գրեթէ ամէնքը գործազուրկ են։ Գալով քրիստոնեաներուն, անոնց դիրքը շատ նուրբ է, հակառակ որ անոնք չեն աշխատիր քաղաքական դիրքի մը տիրանալու``- ըսած է գերապայծառ Օտօ Ռատիովատիկանին։