Աւստրալիոյ Նոր Վարչապետը՝ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

17 Eylül 2015  

Աւստրալիոյ Նոր Վարչապետը՝ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից -

Աւստրալիոյ Նոր Վարչապետը՝ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից Աւստրալիոյ Նոր Վարչապետը՝ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կողմնակից

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է Աւստրալիոյ նոր վարչապետ Մալքըլմ Թըրնպուլի ընտրութիւնը։ Ան Սեպտեմբեր 15-ին պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Վաչէ Ղահրամանեան երկիրի նորընտիր վարչապետին ուղարկած է նամակ մը, որուն մէջ ընդգծուած է. «Հայերուն առնչուող հարցերուն նկատմամբ Մալքըլմ Թըրնպուլի նախկին գործունէութիւնը տպաւորիչ է, ու մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այդ ամուր յարաբերութիւններու շարունակութեան»:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը կը ծրագրէ հանդիպիլ նորընտիր վարչապետին հետ՝ քննարկելու համար Աւստրալիոյ հայութեան վերաբերող որոշ հարցեր:

Նշենք, որ Թըրնպուլ խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վառ կողմնակիցներէն մէկն էր: 23 Նոյեմբեր, 2013-ին, երբ ան հեռահաղորդակցութիւններու նախարար էր, Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանդէս եկած էր ելոյթով մը՝ կոչ ընելով պաշտօնապէս ճանչնալու հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները:

Օրին, անդրադառնալով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի պատուիրակութեան կատարած այցին խորհրդարան՝ Թըրնպուլ խորհրդարանի բեմէն յայտարարած էր. «Այդ մարդիկը (Հայ Դատի գրասենեակի պատուիրակութիւնը), ինչպէս եւ մենք, հաւաքուած ենք այստեղ, որպէսզի յարգենք մարդկութեան դէմ ամենամեծ ոճրագործութիւններէն մէկուն զոհերու յիշատակը: Ոճրագործութիւն, որ ոչ միայն յոյներու, ասորիներու ու հայերու դէմ էր, այլեւ՝ մարդկութեան դէմ, երբ միլիոնաւոր մարդիկ բնաջնջուած, կախաղան հանուած ու սպաննուած են միայն այն պատճառով, որ անոնք տարբեր էին: Յանցագործութեան այդ տեսակը, ցեղասպանութեան յանցագործութեան այդ տեսակը, ցաւօք, եզակի չէ պատմութեան մէջ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+