17 Eylül 2015
Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի հետ:
Զրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ այդ տարիներուն` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ իր ծառայութեան ժամանակաշրջանին գաղութին ապրած դժուար օրերուն մասին: Հարցազրոյցը պիտի սփռուի «Վանայ ձայն»-էն, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Հարցազրոյցի ամբողջական արտագրումը լոյս պիտի տեսնէ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: