16 Eylül 2015
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 սեպտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւարեւելեան սահմանագիծերէն մէկը, ծանօթացած հոն տիրող իրավիճակին եւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է զինուորներուն` երկրին սահմանները անսասան պահելու, մարտական բարձր ոգի եւ հայրենասիրութիւն ցուցաբերելու համար` ընդգծելով, որ զինուած ուժերու մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը եղած է եւ կը մնայ պետութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հանրային խորհուրդի խումբ մը անդամներ, պաշտօնատար այլ անձեր: