Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

16 Eylül 2015  

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ -

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Տաճիկիստանի Նախագահին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ հանդիպում ունեցած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ: Վկայակոչելով Տաճիկիստանի «Հովար» ազգային լրատու գործակալութիւնը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երկու բարեկամ երկիրներու նախագահները կարծիքներ փոխանակած են բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերուն վերաբերեալ:

Էմոմալի Ռահմոն` ողջունելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը լուրջ լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Տաճիկիստանի նախագահութեան բարձր մակարդակը եւ նշած. «Մենք շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կ՛ունենանք բազմաթիւ հանդիպումներ, զրոյցներ, եւ հասած է ժամանակը, որ կատարենք պաշտօնական այցելութիւններ եւ ձգտինք մեր պայմանաւորուածութիւններու իրականացման»:

Այդ առնչութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Էմոմալի Ռահմոնը պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան: Նշուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ներկայ դրութեամբ ստորագրուած է աւելի քան 20 փաստաթուղթ, որոնց մէջ` առեւտուրի, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան կազմակերպման եւ ընդլայնման վերաբերեալ:

Տեղի ունեցած է կառուցողական զրոյց Տաճիկիստանի եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերեալ, նաեւ` ՄԱԿ-ի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ այլ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+