15 Eylül 2015
Շաբաթ օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 5¬րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու վերընտրուեցաւ կուսակցութեան ղեկավար:
Ան նշեց, որ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար կարիքը ունի մէկ կուսակցութենէ կազմուած կառավարութեան, եւ խոստացաւ 1 նոյեմբերին նախատեսուած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին վերատիրանալու խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութեան:
Տաւութօղլու նաեւ խոստացաւ շարունակել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարը` նշելով, որ իր երկիրը խիստ կերպով պիտի պատժէ բոլոր անոնք, որոնք կը յանդգնին խաղաղութիւնը քանդել եւ թուրքերը ահաբեկել: