15 Eylül 2015
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր յայտարարութեամբ բողոք ու դժգոհութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարուած ու կատարուելիք ընտրութիւններուն շուրջ` զանոնք միջազգային օրէնքներու, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն եւ ԵԱՀԿ-ի որդեգրած սկզբունքներուն խախտում նկատելով:
«Մենք կը դատապարտենք Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ոտնահարող այդ ընտրութիւնները: Մենք այդ ընտրութիւնները հակաօրինական կը նկատենք: Թուրքիա պիտի չճանչնայ ընտրութեանց արդիւնքները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նկատելի է, որ յայտարարութեան մէջ Արցախը յիշուած է իբրեւ «Լեռնային Ղարաբաղի շրջան»: