14 Eylül 2015
«Իսլամական Պետութիւն» անուան տակ գործող ահաբեկչական մեքենան, որ իր խուժդուժ գործողութիւններով յաջողեցաւ խախտել աշխարհակարգի հաւասարակշռութիւնները Միջին Արևելեան տարածաշրջանին մէջ և որ յայտնի է բազմապիսի յորջորջումներով (IS, ISIS, ISIL), այժմ արդէն մաս կը կազմէ Հայաստանի և հայութեան ազգային անվտանգութեան անմիջական մարտահրաւէրներուն։ Եւ ասիկա՝ մէկէ աւելի չափորոշիչներով։
Հայ պետականութիւնը կղզիացած երևոյթ մը չէ։ Ան կը պատկանի տարածաշրջանի մը, որ այսօր կը դիմագրաւէ այս մեծ սպառնալիքը ուղղուած՝ շրջանի կայունութեան, բազմատարրութեան, խաղաղութեան, մշակութային ժառանգութեան, բայց մանաւանդ շրջանի երկիրներու վաղուց հաստատուած սահմանագծերուն։
Առաջին, ISIS անմիջական վտանգ մը կը ներկայացնէ մեր Միջին Արևելեան Սփիւռքին, յատկապէս՝ Սուրիոյ և մանաւանդ Լիբանանի մեր ռազմավարական խարիսխի՛ն։ Իսկ Սփիւռքը օրգանականօրէն առընչուած է Հայաստանի լինելիութեան մեծ խնդրին։
Երկրորդ, ISIS կը վտանգէ և կ՚ապակայունացնէ իսլամական աշխարհը, որուն մէջ տեղաւորուած է մերօրեայ հայ պետականութիւնը։
Երրորդ, Հայաստան մաս կը կազմէ Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական գօտիին, որ մեծ զգայնութիւններով կապուած է իսլամական աշխարհի վերիվայրումներուն և տրամադրութիւններուն և որոնք անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան Եւրասիական Միութեան ներքին խմորումներուն վրայ։
Չորրորդ, մեր անմիջական հարևանութեան երկիրները՝ Թուրքիա և Ազրպէյճան գործօն դերակատարներ են ISIS-ի ետին։ Թուրքիա կը խաղայ շատ բարդ խաղ մը՝ ISIS-ի միջոցաւ իր թաթին տակ առնելու Հիւսիսային Սուրիոյ և Հիւսիսային Իրաքի ռազմավարական գօտին իր բնական հարստութիւններով։ Միաժամանակ Թուրքիա կը կիրարկէ ISIS-ը իր թաթին տակ պահելու ռազմավարութիւն և տարածաշրջանի քրտական ուժը (լայն չափերով ՓՔՔ-ի խարիսխ) ISIS-ի միջոցաւ կոտորակելու քաղաքականութիւն։ Այս առումով, անխուասփելիօրէն վտանգներու ենթակայ են մեր դիրքերը հայ-թրքական և հայ-ազրպէյճանական ճակատներու վրայ։ Վտանգուած են յատկապէս Մինսքի Խումբի բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմի դիրքերը։
Վերջապէս, հինգերորդ, Իրանի սահմանը իր յատուկ մարտահրաւէրները ունի Հայաստանին համար։ Թէև Իրան ոխերիմ թշնամի մըն է ISIS-Ի և սակայն ան շատ հեռու է լիովին պաշտպանուած ըլլալէ և հայ-իրանական սահմանը, այս առումով, գրաւիչ կարելիութիւն մը կը ներկայացնէ ISIS-ի և իր ետին կեցող ուժերուն համար…
Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ISIS-ի վտանգը իր այսօրուան ահաբեկչական արարքները չեն միայն։ ISIS մեծ յեղաշրջում մը կը բերէ իսլամական աշխարհի կեանքին և մտայնութեան մէջ։ Ան իր ֆաշիզմով կը վարակէ մեր կենսական տարածութիւնը հանդիսացող տարածաշրջանը Ռուսաստանէն մինչև Միջերկրական և Հնդկաց Ովկիանոս։ Անով ստեղծուած սպառնալիքը կրնայ տարածուիլ և իր խելագար ալիքին մէջ առնել մեր ժամանակաշրջանը բազմապիսի դրևորումներով։
Պէտք է վերջապէս աւելցնել, որ ISIS-ի «լուծարում»ը (եթէ իսկ հնարաւոր ըլլայ) Հիւսիսային Սուրիոյ և Իրաքի տարածքներէն՝ դեռ չի նշանակեր անոր փաստական անհետացումը տարածաշրջանի կեանքէն։ ISIS բանալի գործիք մըն է Թուրքիոյ ձեռքին մէջ։ Ան ստեղծուած է Թուրքիոյ կողմէ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան զինարանին համար։ Իսկ Հայաստանն ու Հայ Դատը (ինչպէս Քիւրտիստանն ու քրտական դատը) կը գտնուին այդ աշխարհաքաղաքական ճանապարհի զգայուն կէտերուն վրայ։
Կարօ Արմենեան