14 Eylül 2015
Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Տիգրանակերտ քաղաքի գլխաւոր դատախազութիւնը արդարադատութեան նախարարութենէն պահանջած է քրտամէտ` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշը զրկել պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն: Ըստ «Երկիր» կայքին՝ որ կը վկայակոչէ Mynet-ը` անոր նկատմամբ շարք մը մեղադրանքներով պիտի յարուցուի նաեւ դատական գործ:
Տէմիրթաշ կը մեղադրուի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը վիրաւորելուն եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն իրականացնելուն, բացայայտօրէն յանցագործութիւն հրահրելուն մէջ: Այս մեղադրանքներու ապացուցման պարագային անոր կը սպառնայ 4-19 տարի ազատազրկում: