«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

14 Eylül 2015  

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան -

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան «Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Ներկայութեան Պահպանումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Թէ՛ Քրիստոնէութեան Եւ Թէ՛ Իսլամութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունեցող համագումարի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիին ղրկած նամակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

«Միջին Արեւելքը ոչ միայն քրիստոնէութեան ծննդավայր եղած է, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր իրագործումները կատարուած են շրջանին մէջ եւ, հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պատմութիւնը կարելի չէ հասկնալ առանց քրիստոնէութեան, որ առանցքային դեր ունեցած է ընկերութեան կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Քրիստոնէութիւնը նաեւ դարեր շարունակ գոյակցած է իսլամութեան հետ: Այսօր, փաստօրէն քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը վտանգուած է շրջանին մէջ հետզհետէ ծաւալող ծայրայեղական շարժումներուն հետեւանքով»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը կը շեշտէ. «Եթէ ծայրայեղական շարժումներուն առաջքը շուտով չառնուի, ոչ միայն Միջին Արեւելքը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը այս կամ այն կերպով կրնայ կրել ծանր հետեւանքները կրօնական ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններուն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է միջազգային ճիգերով համապարփակ քաղաքականութիւն մը որդեգրել ծայրայեղական ու ահաբեկչական շարժումներուն նկատմամբ` առաջքը առնելու համար անոնց քանդիչ հետեւանքներուն»:

Անդրադառնալով քրիստոնէական ներկայութեան` Արամ Ա. կաթողիկոս կը շարունակէ. «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքներու վերակազմակերպումը եւ ամուր պահպանումը պէտք է նաեւ իսլամութեան համար դառնան առաջնահերթ խնդիրներ: Որովհետեւ, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքին իւրայատուկ ինքնութիւնը կազմող կարեւոր ազդակներէն մէկն է: Հետեւաբար, շրջանին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը, Միջին Արեւելքի իսլամ պետութիւններուն համար պէտք է դառնան առաջնահերթ մտահոգութիւն: Այս հարցը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հիմնական հարցերէն մէկը պէտք է ըլլայ», կ’եզրակացնէ վեհափառ հայրապետը:

«Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան պաշտպանութեան ի խնդիր» կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ: Յիշեալ կազմակերպութիւնը անցեալ սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպած էր նմանօրինակ համագումար մը, որուն գլխաւոր խօսողներէն եղած էր վեհափառ հայրապետը: Կազմակերպութեան պատասխանատուները մնայուն կապի մէջ են վեհափառ հայրապետին հետ:

Յայտնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նոյն կազմակերպութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+