13 Eylül 2015
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը որդեգրեց նոր բանաձեւ մը` 9 դեկտեմբերը հռչակելով ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ոգեկոչման միջազգային օր:
globalr2p.org կայքը կը նշէ, որ այս կապակցութեամբ Պաշտպանութեան համար պատասխանատուութիւն կրող համաշխարհային կեդրոնը առանձնայատուկ շնորհակալական խօսք յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան` բանաձեւի որդեգրման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Կը նշուի, որ 2014 եւ 2015 թուականներու ընթացքին միջազգային ընտանիքը ոգեկոչած է նախորդ դարուն կատարուած ամէնէն սոսկալի ոճիրներու` Հայոց ցեղասպանութեան 100, Օշուիցի ազատագրման 70, Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու իրագործած սպանդի 40-ամեակները, ինչպէս նաեւ` Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած բանաձեւի հիմնական նպատակն է յիշել անցեալին գործուած սարսափելի ոճիրները` հետագային ատոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար: