09 Eylül 2015
Պոլսոյ Թուզլա թաղամասի հայկական «Քամփ Արմէն» որբանոցին դէմ 7 սեպտեմբերի գիշերը մահակներով յարձակում մը տեղի ունեցած է:
«Քամփ Արմէն» որբանոցի քանդման դէմ կառոյցին մէջ հերթապահութիւն ընող «Նոր զարթօնք» շարժման կայքը կը տեղեկացնէ, որ 7 սեպտեմբերի գիշերը մահակներով զինուած 6 հոգի մօտեցած են որբանոցին եւ փորձած բանալ դարպասները, սակայն հերթապահութիւն իրականացնողները յաջողած է ետ մղել յարձակողները:
Սակայն «Քամփ Արմէն»-ի հերթապահողները կը զգուշացնեն, որ նմանատիպ յարձակումներ, հաւանական է, դարձեալ ըլլան եւ կը խնդրեն իրենց աջակցիլ ու համերաշխութիւն յայտնել: