09 Eylül 2015
Երեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2015-ին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռի նորընտիր օգնական եպիսկոպոսը, Արհ Գէորգ վրդ Ասատուրեանը, այցելեց Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինը։ Այս առթիւ ռատիոկայանիս հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Ասատուրեան խօսեցաւ իր նոր առաքելութեան ու առաքելավայրի մասին, անդրադարձ կատարելով Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրողութեան հաստատելով թէ ``Քրիստոնեաներու գաղթը միջին արեւելքէն մեծ կորուստ է``։ Ան ապա յայտնեց իր յուզմունքն ու ուրախութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի առթիւ ու Վատիկանի Ռատիոկայանիս միջոցաւ խնդրեց աղօթել իրեն ու իրեն յանձնուած նոր ծառայական առաքելութեան համար