09 Eylül 2015
ԻՊ առաջնորդը Սուրիոյ քրիստոնեաներուն խոստացած է ապահովել անոնց անվտանգութիւնը` ատոր դիմաց պահանջելով հարկ վճարել եւ հրաժարիլ կրօնը ցուցադրելէն: Սակայն Դամասկոսի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ղեկավար Արմաշ Նալպանտեան վստահ է, որ զինեալները հանգիստ չեն ձգեր Սուրիոյ քրիստոնեայ բնակչութիւնը, եթէ նոյնիսկ եկեղեցական համայնքէն ինչ-որ մէկը համաձայնի կատարել Ալ Պաղտատիի պահանջները, «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ Lifenews-ը:
Ներկայիս ԻՊ վերահսկողութեան տակ կը գտնուի միայն մէկ քրիստոնէաբնակ քաղաք` Հոմս նահանգի Ալ Գարիաթէյն բնակավայրը: Ահաբեկիչներու հրամանը առաջին հերթին անոր ուղղուած էր, սակայն ատոր արձագանգած են նաեւ Դամասկոսի այլ քրիստոնեայ համայնքները: «Առաջին հերթին կը ցանկանամ ցաւակցիլ Ալ Գարիաթէյնի համաքաղաքացիներուն, որոնք հալածանքներու կ’ենթարկուին: Ինչպէս ըսուած է սուրբ գիրքին մէջ, եթէ մէկ մասնիկը ցաւի, ապա ողջ մարմինը կը ցաւի: Այնպէս ալ հիմա մենք անոնց հետ ցաւ կ’ապրինք»,- յայտարարած է Դամասկոսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Արմաշ Նալպանտեան:
Ան նշած է, որ պատերազմի 4 տարիներուն ընթացքին ահաբեկիչները շատ խոստումներ տուած են, բայց ոչ մէկը կատարած են: «Մենք լսած ենք անոնց յայտարարութիւնները ընկերային ցանցերու վրայ: Եթէ մարդիկ համաձայնին անոնց կանոններով ապրիլ, ապա անոնց կեանքը կը խնայեն: Բայց ես եղած եմ Հոմս, Մալուլա, Քեսապ, եւ իրական պատկերը այն է, որ կ’աւերեն ամէն բան` տուներ, տաճարներ, ինչպէս նաեւ` մզկիթներ եւ եկեղեցիներ»,- ըսած է ան:
Դամասկոսի քրիստոնեաները իրենց հերթին ոչ միայն չեն հաւատար ԻՊ խոստումներուն, այլեւ չեն հասկնար, թէ ահաբեկիչներու ղեկավարին ուրկէ՞ հաւատացեալներու համար օրէնքներ սահմանելու իրաւունքներ: