Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութե - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Gündem :

09 Eylül 2015  

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութե -

Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութե Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի 5 սեպտեմբերին լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Ան նշած է, որ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են արեւելեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար Պիելոռուսիոյ մէջ 22 օգոստոսին շարք մը բանտարկեալներու ազատ արձակման, Վրաստանի եւ Մոլտովայի մէջ ծաւալող զարգացումներուն առնչուող հարցերը: «Ուշադրութիւն դարձուցած ենք նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն», յայտարարած է Մոկերինի` չյստակացնելով, թէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները Հայաստանին կամ Ազրպէյճանին վերաբերող յատկապէս ո՛ր հարցերը քննարկած են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+