08 Eylül 2015
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ ինք իր երկրին համար գլխաւոր սպառնալիքը ՏԱՀԵՇ-էն աւելի ՔԱԿ-ը կը նկատէ:
Ան դժգոհած է, որ Արեւմուտքը Թուրքիան «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ձգած է մինակ»:
«Թուրքիոյ համար թիւ մէկ սպառնալիքը ՔԱԿ-ն է: ՏԱՀԵՇ-ը Թուրքիոյ համար իբրեւ սպառնալիք երկրորդ դիրքի վրայ է», ըսած է ան եւ ՏԱՀԵՇ-ին զուգահեռ «ահաբեկչական սպառնալիք» անուանած է նաեւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
«Մենք հարկադրուած ենք ՔԱԿ-ի դէմ պայքարը շարունակելու մինչեւ վերջ», աւելցուցած է ան:
Էրտողան Արեւմուտքը մեղադրած է նաեւ Սուրիոյ` Թուրքիոյ հետ սահմանակից 98 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածին մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու Անգարայի պահանջին դէմ ըլլալուն համար: «Այն, որ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու մեր պահանջը շրջանին մէջ քրտական ինքնավարութեան ստեղծման կանխարգիլման համար է, սխալ պնդում է», ըսած է Էրտողան: