06 Eylül 2015
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Արփինէ Յովհաննիսեան նշանակուած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, Սերժ Սարգսեան նշանակման որոշումը կայացուցած է` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով:
Արփինէ Յովհաննիսեան ծնած է 1983-ի Դեկտեմբեր 4-ին, Երեւան:
2004-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, 2006-ին` նոյն բաժանմունքի մագիստրատուրան: 2009-ին աւարտած է ԵՊՀ իրաւաբանական բաժանմունքի ասպիրանտուրան: Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու է:
2003-2006 թուականներուն աշխատած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի դատաիրաւական բարեփոխումներու վարչութեան քրէակատարողական ծառայութեան բարեփոխումներու բաժնի առաջին կարգի մասնագէտ, 2006-2007 թուականներուն` յառաջատար մասնագէտ: 2007-ին ԵՊՀ իրաւաբանական բաժանմունքի քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնի դասախօս է: 2007-2008 թուականներուն եղած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի իրաւական ակտերու փորձաքննութեան վարչութեան պետի տեղակալ: 2008- ի Մայիս 19- էն Սեպտեմբեր 30` ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի օգնական: 2008-2011 թուականներուն` ԱԺ նախագահի խորհրդական:
2012-ի Մայիս 6-ին ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն:
Ամուսնացած չէ: