«Արաս»-էն Նոր Գիրք Մը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

05 Eylül 2015  

«Արաս»-էն Նոր Գիրք Մը -

«Արաս»-էն Նոր Գիրք Մը «Արաս»-էն Նոր Գիրք Մը

«Արաս» հրատարակչատունը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական շահեկան գիրքը։ Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ արեւելեան ճակատին վրայ բռնած օրագրութիւնն է այս մէկը, որուն հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։ Փրոֆ. Այհան Աքտարի խորհրդածութիւններով ընթերցողին մատուցուած է այս գիրքը, որու բովնադակութիւնը ճոխացուած է լուսանկարներով եւ ամբողջականացուած՝ ծանօթագրութիւններով։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:

Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին օսմանեան բանակին մօտ պաշտօն ստանձնած հայ զինուորներն ու սպաները վերջին շրջանին յաճախ կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Հրատարակչատունը կը մատնանշէ, որ իրականութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գործերը, որոնք կը ցոլացնեն հայ ժողովուրդին իսկական պատմութիւնը. ժողովուրդ մը, որու ամբողջ պատմու թիւնը իր հայրենիքին մէջ կը հաւասարեցուի դաւաճանութեան ու հաւատարմութեան նեղ շրջանակին։ Աւետիս Ճէպէճեանի այս գործը գրի առնուած է հայատառ թրքերէնով։ Ան հետամուտ էր 1915-ին Այնթապէն աքսորուած ընտանիքի մը ճակատագիրը պրպտելու։ Տարտանէլէ վերջ ան ուղեւորուած էր արեւելեան ճակատ, ուր ականատես եղած էր թէ՛ պատերազ մին եւ թէ Անատոլուի կացութեան։ Կարեւոր տեղեկութիւններ արձանագրած էր շրջանի քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին։

Աւետիս Ճէպէճեանի յուշերը հարիւր տարուան վաղեմութեամբ դէպքերը կը տեղափոխեն մեր օրերը եւ այդ առումով ժամանակի հոլովոյթէն դուրս դերակատարութիւն մը ունին։

Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է 1952-ին եւ ամփոփուած՝ Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+