02 Eylül 2015
Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան կազմակերպութեամբ, նախորդ եւ 2014-2015 տարեշրջանի ճեմարանաւարտներու մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դաշտին մէջ 20, 21, 22 եւ 23 Օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցաւ աւանդական Քերմէս: Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթը։
Շրջանաւարտներու համագործակցութեամբ կայացած նախաձեռնութիւնը ուրախութեան պահեր պարգեւեց այցելու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Այս տարուան քերմէսին մաս կը կազմէին 33 տաղաւարներ: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստանձնած էր տաղաւար մը, խաղերը բաժնուած էին տարիքային դրութեամբ (մանկական եւ երիտասարդական), կային նաեւ վաճառքի եւ ուտեստեղէնի տաղաւարներ:
Հալէպի տագնապալի պայմաներուն մէջ շրջանաւարտները յաջողած էին քերմէս կազմակերպել, իսկ այցելուներուն թիւը հասած էր շուրջ 1700-ի:
Խաղերու, երգերու, զրոյցի ու բարեկամութեան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, չորս օրերու տեւողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դաշտը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտ: