Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը - Gündem
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Երկրատես

Gündem :

05 Eylül 2015  

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը -

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը

Միջերկրական ծովուն ճամբով դէպի Եւրոպա հասնող ապօրինի գաղթականներու երեւոյթը նորութիւն մը չէ: Միջերկրական ծովը կուլ տուած է այդ յուսահատ քայլին դիմողներէն շատեր: Այսօր, սակայն, ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը եւրոպական երկիրներուն համար վերածուած է ճգնաժամի մը: Աւելի լաւ եւ ապահով կեանքի պայմաններու արդար ձգտումի տէր մարդոց չդադրող հոսքը արդէն վերածուած է եւրոպական երկիրներուն մէջ եւ միջեւ լուրջ հարցի մը: Կարգ մը երկիրներ սկսած են իրենց սահմաններուն վերահսկողութիւնը ամրապնդել` այդպիսով ականահարելով Շենկենի համաձայնութեան հիմքը: Եւրոպական պետութիւններուն միջեւ ծայր առած են ապօրինի գաղթականները հիւրընկալելու կամ սահմանները վերահսկելու մէջ թերացած ըլլալ-չըլլալու վէճեր եւ փոխադարձ ամբաստանութիւններ: Եւրոպական երկիրները նաեւ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւեն գլխաւորաբար ափրիկեան երկիրներէ դէպի բարգաւաճ հիւսիս ուղղուող գաղթականները հիւրընկալելու թեր եւ դէմ վէճեր ու ցոյցեր: Աւելի՛ն, բախումներ կ՛արձանագրուին եւրոպական երկիրներ «ներխուժած» գաղթականներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ: Տնտեսական ճգնաժամի մատնուած Յունաստանի պարագային այդ բախումները աւելի լուրջ բնոյթ ունին. անոնք յունական կղզիներու բնակչութեան եւ տեղացիներուն համար մտահոգիչ թիւ ներկայացնող անկոչ ու «բռնագրաւող» հիւրերուն միջեւ են:

Ահա այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ արձանագրուեցաւ թրքական ծովափին մօտ սուրիացի գաղթականներ փոխադրող նաւուն ընկղմելուն ողբերգութիւնը: Արաբ Բունարէն եղող սուրիացի երեխային Պոտրումի ծովափը քշուած դիակին լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեծ շրջանառութիւն գտած լուսանկարները ցնցում յառաջացուցին:

Թրքական իշխանութիւնները անմիջապէս ձեռնարկեցին իր տեսակին մէջ աննախադէպ չեղող աղէտի, ինչպէս նաեւ լուսանկարին ստեղծած մթնոլորտի շահագործման: Թուրքիոյ նախագահը եւրոպական երկիրները ամբաստանեց Միջերկրական ծովը գաղթականներու գերեզմանոցի վերածելու յանցանքով: Էրտողանի այդ յայտարարութիւնը թրքական քարոզչական մարտավարութեան առաջին քայլն էր: Անոր հետեւեցաւ երկրորդ քայլը` վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի ուրբաթ օրուան յայտարարութիւնը: Ան Անգարայի մէջ Քսաններու խմբակի տնտեսութեան նախարարներու ժողովին ընթացքին նշեց. «Թուրքիա գաղթականներու հոսքը կանխարգիլելու համար փորձեց աշխարհը համոզել Սուրիոյ մէջ ստեղծելու ապահովական գօտի մը, սակայն ոչ ոք լսեց անոր ձայնը»:

Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն կ՛արգելակէ այդ գօտիին ստեղծումը, որովհետեւ ատոր աշխարհագրական դիրքին շուրջ տարակարծութիւններ ունի Անգարայի հետ: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ Թուրքիոյ վերոնշեալ մարտավարութեան բուն թիրախը Ուաշինկթընն է:

Անգարա արաբ բունարցի քիւրտ երեխային` Այլան Քըրտիի ողբերգութիւնը կը շահագործէ իր կամքը Ուաշինկթընին պարտադրելու եւ վերջինիս կողմէ թրքական կողմին ուղղուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին ոչ բաւարար մասնակցութեան ամբաստանութիւնը հակակշռելու համար: Երեւոյթ մը, որ անմեղ զոհին ծագումին լոյսին տակ հեգնական ըլլալուն կողքին նաեւ ստորութեան համազօր պատեհապաշտութեան դիպուկ օրինակ մըն է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+