05 Eylül 2015
Հայկական ձեռագիր Աւետարանը, որ գողցուած էր Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումէն ետք, այժմ Կիպրոս վերադարձուած է:
Ըստ «Ֆամակուսթա» թերթին, ընդհանուր առմամբ 173 մասունք վերադարձուած է Կիպրոս:
Անոնք վերադարձուած են, երբ Գերմանիոյ վերաքննիչ դատարանը վերջնական որոշում տուած է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Կիպրոսի շրջաններէն թուրք մաքսանենգներու գողցած գանձերուն մասին:
Գանձերը, որոնց մէջ կային եկեղեցիներու որմնանկարներու կտորներ, սրբապատկերներ, հայկական ձեռագիր Աւետարանը եւ նախապատմական հնութիւններ, յայտնաբերուած էին 1997-ին, Միւնիխ ապրող թուրք մաքսանենգի մը բնակարանին մէջ: