Ո՞Ւր Են Մեր Ղեկավարները - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Gündem :

02 Eylül 2015  

Ո՞Ւր Են Մեր Ղեկավարները -

Ո՞Ւր Են Մեր Ղեկավարները Ո՞Ւր Են Մեր Ղեկավարները

Խոր ցասումով եւ զայրոյթով դիտեցի Facebook-ի վրայ արձանագրուած տեսաներիզը

https://www.facebook.com/100004978396212/videos/517432198432722

որ անգամ մը եւս զիս կը տանի դէպի 1967-ի Միջին Արեւելքի նախապատերազմեան օրերը, երբ միաբանակից եղբայրներուս հետ մեկնած էի Երուսաղէմ՝ օրուան պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, մասնակցելու եկեղեցական արարողութեանց: Երկու այցելութեանց պարագային, Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն, զարմանքս մեծ եղաւ երբ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին յանկարծ քաշկռտուք ու ապա բռնցքամարտ սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ, երբ Պատրիարք սրբազան հօր կողքին կանգնած կ`առաջնորդէի աջակողմեան դպրաց դասը:

Քաշկռտուքն ու բռնցքամարտը մանրամասն կերպով նկարագրել՝ անհրաժեշտ չեմ համարեր կենսական այս պարագային, պարզապէս չխախտելու հաւատքը բոլոր անոնց, որոնք ուխտագնացութիւն ծրագրած են դէպի Աստուածորդոյն ծննդավայրը, քալելու Անոր ոտնահետքերով եւ վերանորոգուելու Յարութեան եւ Համբարձման խորհուրդով:

Ի՞նչն է զարմանալին, որ յիսուն տարիներ ետք տակաւին կը շարունակուին այս բռնցքամարտերը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ի ներկայութեան քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք կրնան այս տխուր պատկերները դիտել իրենց համակարգիչին վրայ: Եւ մենք, որպէս «հպարտ» քրիստոնեաներ (որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ընդունած ենք որպէս պետական կրօնք բոլոր ազգերէ առաջ), տակաւին կը դիտենք այս բոլորը սառն անտարբերութեամբ եւ չենք փափաքիր լուծում մը որոնել այս ո`չ քրիստոնէավայել կռիւները սանձելու՝ եղբայրական հասկացողութեամբ:

1. Այժմ որ Իսրայէլի պետութեան մէջ ունինք պաշտօնական Հայկական Դեսպանատուն, ինչպէ՞ս կարելի է թոյլ տալ նման ալեկոծումներ երբ բացայայտօրէն կը տեսնենք հրեայ ոստիկանութեան կողմնակցութիւնը, եւ չյանգիլ ա՛յն եզրակացութեան թէ արդեօ՞ք կաշառուած են:

2. Ո՞ւր են մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալները: Ըսելիք չունի՞ն: Ե՞րբ պիտի կարենանք մեր անհատական հաշիւներն ու շահերը մէկդի դնել եւ աշխատիլ մեր ազգային հաւաքական շահերուն համար: Այս թերացումները դատապարտելի են, որովհետեւ գիտակցաբար ձեռք չենք երկարեր մեր Ս. Աթոռին եւ որոնել արմատական լուծումներ:

3. Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները այս անախորժ ու դատապարտելի կռիւներուն, պէտք է անյապաղ լուծումներ գտնեն երկու կաթողիկոսները, միջամտելով Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Աթոռի քաջարի եւ յանդուգն պատրիարք Տիմոթէոսին մօտ, որպէսզի եղբայրական հասկացողութեամբ վերջ տրուի այս տխուր կացութեան:

4. Իսկ եթէ Տիեզերական Աթոռի իրաւասութեան տակ չէ Երուսաղէմի Յունաց Աթոռը, այդ պարագային անհարաժեշտ է գտնել իսկական պատկան մարմինը եւ կամ մարմինները վերջ տալու այս անախորժ կռիւներուն:

5. Ո՞ւր է մեր հայրենի պետութիւնը, որ թէեւ կը փորձէ ինքզինք անկախ հռչակել եկեղեցական հարցերէ (Պետութեան եւ Եկեղեցիի բաժանում), սակայն այս պարագային եկեղեցական տագնապը քաղաքականացած է եւ խաղաքարտը դարձած է Իսրայէլեան պետութեան: Չմոռնանք յիշեցնելու որ Հայաստանի պետութիւնը իր կապերը այնքան սերտացուցած եւ ամրացուցած է Յունաստանի հետ, որ նոյնիսկ ռազմական փորձեր կը կատարեն միասին:

6. Պէտք կա՞յ յիշեցնելու մեր Յոյն եղբայրներուն, որ մենք Հայերս՝ դարերու ընթացքին որքան կայսրեր տուած ենք Բիւզանդական գահուն եւ որքա՜ն կռուած ենք կողք կողքի հիւսիսէն եկող հրոսակներուն դէմ:

7. Պէտք կա՞յ յիշեցնելու մեր Յոյն եղբայրներուն որ դարերու ընթացքին ենթարկուած ենք նոյն ճակատագրին եւ այսօր մեր դատերը միացուցած կը պայքարինք հասարակաց թշնամիին դէմ:

8. Ո՞ւր են մեր աւանդական կուսակցութիւնները: Ըսելիք չունի՞ն երբ իրենց եղբայրակիցները, հազիւ մի բուռ, կը պայքարին հրէշներու դէմ, պահպանելու համար դարերու ընթացքին մեզի աւանդ թողուած կալուածներն ու մշակութային գանձերը, որոնք հետզհետէ, համրաքայլ կորստեան դատապարտուած են:

9. Եւ վերջապէս չմոռնանք յայտնելու որ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքը ո`չ միայն սրբատեղի է, այլեւ ազգային գանձ որ կը հմայէ այցելող ուխտաւորները իր փառահեղ պատմութեամբ, եւ Հայ անունը կը ծանօթացնէ համայն մարդկութեան:

ԵՐԲ՞ ՊԻՏԻ ԱՐԹՆՆԱՆՔ......

Ոսկան Մխիթարեան

3 Սեպտեմբեր 2015





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+