Ատոմ Էգոյեանի «Յիշէ՛» Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Վենետիկի Փառատօնին - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

02 Eylül 2015  

Ատոմ Էգոյեանի «Յիշէ՛» Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Վենետիկի Փառատօնին -

Ատոմ Էգոյեանի «Յիշէ՛» Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Վենետիկի Փառատօնին Ատոմ Էգոյեանի «Յիշէ՛» Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Վենետիկի Փառատօնին

Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանի նոր «Յիշէ՛» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 10-­ին Վենետիկի միջազգային կինոփառատօնի ծիրէն ներս: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով Armenien weekly-­ն, ֆիլմը ընդգրկուած է Վենետիկի 72­-րդ կինոփառատօնի հիմնական մրցոյթին: Կինոփառատօնի մեկնարկը տրուած է Սեպտեմբեր 2-­ին, եզրափակիչ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12-­ին:

Մինչ ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը ամերիկեան Hollywood reporter պաբերականի հետ զրոյցի ընթացքին Էգոյեան պատմած է, որ ֆիլմը Հոլոքոսթը վերապրածի մը մասին է, որ կը մարմնաւորէ Քրիստոֆըր Փլամմըրը: Անոր միջոցով բեմադրիչը մարդկութեան հետ կը խօսի ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու մասին:

Էգոյեան պատմած է, որ ֆիլմը այդ ոճին մէջ առաջինը չէ, եւ ցեղասպանութիւններու մասին իր առաջին ֆիլմը` «Արարատ»-­ը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Լրագրողի հարցումին կա՞ն արդեօք Փլամմըրի կերպարին մէջ ընդհանրութիւններ «Արարատ» եւ «Յիշէ՛» ֆիլմերուն մէջ, Էգոյեան ըսած է, որ անոնք երկու տարբեր կերպարներ են: «Սակայն հետաքրքրականը այն է, որ այս տարի հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցը եւ ես մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին ֆիլմ մը ներկայացուցած եմ, որ ազգի պատմութեան, անցեալի, մարդոց յիշողութիւններու մասին է: Յիշողութիւնը միշտ կայ եւ մենք կը հասկնանք, թէ անոնք ինչպիսի ազդեցութիւն կը ձգեն սերունդներու վրայ»,- ըսած է բեմադրիչը­:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+