02 Eylül 2015
Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը չի հաստատեր այն տեղեկութիւնները, թէ ահաբեկիչները Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գրաւած են հայաբնակ շրջաններ:
«Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան տուեալներով իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, թէ ահաբեկիչները գրաւած են Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները»: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Աւելցնենք, որ երէկ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները գրոհով կը մօտենան Դամասկոսի կեդրոնին: