01 Eylül 2015
Պեռլինի մէջ Սեպտեմբեր 5-ին տեղի պիտի ունենայ գերմանական Հայնրիխ Պէօլլ հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Անցեալի ներկան. 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Խորհրդաժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայնրիխ Պէօլլ հիմնադրամի տարածաշրջանային ղեկավար Սերգէյ Լակոտինսքին եւ Գերմանահայկական ընկերակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Գանդեանը:
Քննարկման հիմնական թեմաները պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերապրածներու յուշերը եւ, թէ ինչպէս պէտք է այսօր անդրադառնալ այդ հարցերուն:
Ելոյթ պիտի ունենան հայ, թուրք եւ գերմանացի բանախօսներ: Խորհրդաժողովին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Պունտըսթակի փոխնախագահ Գլաուտիա Ռոթը եւ Պունտըսթակի այլ պատգամաւորներ: