28 Ağustos 2015
Հայաստան Սերպիոյ եւ Իրանի հետ միասին Սեպտեմբեր 2- 6 Մոսկուայի մէջ իրականացուող գիրքի միջազգային ցուցահանէս-վաճառքի յատուկ հիւրն է։ Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը՝ վկայակոչելով TASS գործակալութիւնը:
Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքեր: Մասնաւորապէս` Պոգտան Գեմպարսկիի «Նամակներ աշխարհին», ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները», ռումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» գիրքերը, նաեւ եղեռնազոհ արեւմտահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները ներկայացնող «Երկիրը կը խօսի» ժողովածուն:
Սերպական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուի յատուկ այս ցուցահանդէսին համար հրատարակուած «Բռնէ ինկնող աստղը» ժողովածուն, ուր տեղ գտած են ժամանակակից սերպ արձակագիրներու ստեղծագործութիւնները: Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան հանդիպելու ժամանակակից յայտնի սերպ հեղինակներու հետ, որոնց ստեղծագործութիւնները լոյս կը տեսնեն տարբեր լեզուներով եւ հազարաւոր տպաքանակներով. մասնաւորապէս բանաստեղծ, արձակագիր եւ հեքիաթ ըսող Վլատիսլաւ Պոյացի, գրող եւ հրատակարիչ Կայկօ Պոժովիչի հետ:
Իրանական տաղաւարին մէջ իրանական յայտնի համալսարաններու մասնագէտները պիտի պատմեն իրանական բանաստեղծութիւններու առանձնայատկութիւններուն մասին, պիտի համեմատեն ռուս եւ իրանական գիրքը, պիտի ներկայացնեն ժամանակակից պարսկական գրականութեան առանցքային ուղղութիւնները, պարսկական ձեռագործի վարպետութեան դասեր պիտի իրականացնեն:
Մոսկուայի գիրքի տօնավաճառին այս տարի կը մասնակցին 400-է աւելի հրատարակիչներ: