Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

27 Ağustos 2015  

Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին -

Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին Աթէշեան խօսած է Վանի պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան խօսած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով «Demokrathaber» լրատուամիջոցը։

Աթէշեան նշած է, որ պատարագի չեղեալ յայտարարումը, եղած է առաջին հերթին անվտանգութիւնը։

Պոլսոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը ընդգծած է, որ պատարագի յետաձգումը պայմանաւորուած է վերջերս Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակով:

«Տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով մեր համայնքի անդամներուն մօտ վախ կայ եւ անոնք կը խուսափին այդ շրջանները երթալէ: Մենք ալ, պատարագի եւ արարողութեան մասնակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու պատճառով, որոշոցինք Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարել: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պատարագը ընդհանրապէս տեղի չունենար: Երկրին մէջ իրավիճակը կայունանալէն յետոյ պատարագը կ’իրականանայ» , -ըսած է Աթէշեան:

Անդրադառնալով բախումներուն` Աթէշեան նշած է, որ հակամարտող կողմերը հանդիպելով իրար հետ, պէտք է փոխհամաձայնութեամբ լուծեն այս հարցը:
«Կառավարութիւնը պէտք է այս խնդիրը անպայման խաղաղութեամբ լուծէ: Կրակի դադարեցումը երկրի շահերէն կը բխի: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա այս իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ապրող որեւէ ցեղային խումբի մեծ վնաս կը հասցնէ»,- եզրափակած է Աթէշեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+