27 Ağustos 2015
Չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Թէոտոր Փասսաֆը:
Նկատի ունենալով դեսպանին նոր նշանակումը` վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, սփիւռքի գաղութներուն, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան մասին:
Ապա, խօսակցութեան առանցք դարձան յառաջիկային Աթէնքի մէջ վեհափառ հայրապետին ունենալիք պետական եւ կրօնական հանդիպումները: Յայտնենք, որ այս նախաձեռնութիւններուն գծով Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:
Դեսպանը իր կարգին պարզեց Յունաստանի մէջ ստեղծուած վերջին շրջանի կացութիւնն ու դժուարութիւնները: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ յունահայ գաղութին եւ յունական ընկերութեան մէջ ունեցած դրական ներդրումին մասին: Վերջապէս, դեսպանը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: