23 Ağustos 2015
Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի բացուած է: Այս մասին` ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ թրքական «beyazgazete.com» կայքը: Եկեղեցւոյ բացման ներկայ եղած է Քէրքուքի նահանգապետ Նեճմեթթին Քերիմը, որ հանդէս եկած է ելոյթով: Քերիմ, տեղեկացնելով, որ վերջին տարիներուն Քէրքուքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու 75 տոկոսը հեռացած է երկրէն, ըսած է, որ իրենք կ’ընեն հնարաւորը այդ արտագաղթը կանխելու համար:
Նահանգապետը ըսած է, որ չնայած Պաղտատի հետ քաղաքական հակասութիւններուն իրենք կը շարունակեն իրականացնել նախատեսուած ծրագիրները:
Արքեպիսկոպոս Ապիտին Մարկոսեան նշած է, որ վերջին տարիներուն քրիստոնեաները եւ յատկապէս հայ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ մեծ դժուարութիւններու միջով կ’անցնին:
«Այդ ամէնուն հիմնական պատճառը ծայրահեղական կազմակերպութիւններն են: Կեանքի ապահովութեան համար Քէրքուքէն հազարաւոր հայ ընտանիքներ հեռացած են: Այսօր Քէրքուքի մէջ հազիւ 50 հայ ընտանիք կ’ապրի»,- նշած է հայ հոգեւորականը: